2018-02-14 08:29:00

Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ անդաստան` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ


Յիսուս Քրիստոսի աստուածայայտնութենէն քառասուն օր ետք հայ եկեղեցին կը նշէ Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը` Տեառնընդառաջը, որուն նախատօնակը կը նշուի 13 փետրուարին:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ հանդիսաւոր Անդաստան` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հանդիսաւոր Անդաստանէն եւ աւանդութիւն դարձած մանուկներու տաճար ընծայումէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ Տեառնընդառաջը, ըստ հին եբրայական աւանդութիւններուն, քառասուն օրերը լրացուցած մանուկներուն տաճար ընծայման տօնն է, որուն տօնակատարութեան ընթացքին հայ եկեղեցին հրավառութիւն կը կատարէ: Սա հեթանոսական սովորութիւն մըն է, որ եկեղեցին իմաստութիւնը ունեցած է զայն քրիստոնէականացնելու ու քրիստոնէական խորհուրդով շաղախելու, ինչպէս քրիստոնէական եկեղեցին իմաստութիւնը ունեցած է Հին կտակարանի տօներն ու աւանդութիւնները քրիստոնէական տօներու ու աւանդութիւններու վերածելու: Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը շարունակեց` ընդգծելով, որ հայ եկեղեցին Ս. խորանէն լոյս առնելով ու հաւատացեալ ժողովուրդին մոմերը վառելով` կ՛աղօթէ, որ Քրիստոսի լոյսը ներկայութիւն դառնայ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ:

Անդրադառնալով Տեառնընդառաջի տօնին` մանուկներուն Աստուծոյ ընծայման աւանդութեան, վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ ասիկա սովորական աւանդութիւն մը չէ, որ ժողովուրդը զայն կը յարգէ մեքենաբար: Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իւրաքանչիւր տօն պատգամ մը ունի եւ այս աւանդութեան պատգամը մեր մանուկները Աստուծոյ ընծայելու ամբողջական արարողութիւնն է: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ պէտք է գիտակցինք, թէ մեր զաւակները Աստուծոյ տուն բերելը քրիստոնէական կեանքին առանցքը կազմող մեր հաւատքին էութիւնը կը կազմէ: «Մենք բոլորս Աստուծոյ կը պատկանինք ու կոչուած ենք ապրելու Աստուծմով. հետեւաբար, Աստուծոյ պատկանելիութեան գիտակցութեամբ պէտք է թրծել մեր կեանքը, որովհետեւ այս պատկանելիութեամբ է, որ մեր կեանքը կ՛իմաստաւորուի», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Իր խօսքին վերջին բաժինով, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ տեղ տուաւ հայ ընտանիք ու հայ մայր հասկացողութեանց` ըսելով. «Յաճախ կ՛ըսենք, որ ընտանիքը եկեղեցի ու դպրոց է: Ընտանիքը ճշմարիտ եկեղեցին ու ճշմարիտ դպրոցն է, եւ հայ մայրը մեր առաջին ու վերջին ուսուցիչն է: Ան է, որ քրիստոնէական հոգեւոր արժէքներով պիտի դաստիարակէ իր զաւակը: Տեառնընդառաջի տօնակատարութեան ճամբով մանուկները Աստուծոյ ընծայելու միջոցով Աստուած կոչ կ՛ուղղէ հայ մայրերուն իրենց զաւակները քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով դաստիարակելու»: Ան իր պատգամը եզրափակեց շեշտելով. «Մեզի համար ընտանիքը սովորական հասկացողութիւն չէ, այլ մեր քրիստոնէական ազգային սրբութիւններով ու արժէքներով լեցուն եկեղեցի, դպրոց եւ Աստուծոյ ներկայութիւնն է»: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց հայ մայրերուն, որ այս գիտակցութեամբ ընծայեն իրենց մանուկները Աստուծոյ ու վերանորոգեն իրենց եկեղեցական-ազգային կեանքը:

Պատգամէն ետք, լուսարարապետ հայր սուրբը խորանէն բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին զայն բաշխեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ապա, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ հաւատացեալները, միաբան հայրերն ու դպրեվանքի սաները միասնաբար թափօր կազմած ուղղուեցան կաթողիկոսարանին բակը, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը:

Նշենք, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը նախաձեռնած է «Աստուած սէր է» քառալեզու գիրքին, որ ուղղուած է թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար երիտասարդներուն: Նկատի ունենալով, որ Տեառնընդառաջի տօնը կը զուգադիպի համաշխարհային սիրոյ տօնին եւ նկատի ունենալով, որ Քրիստոս ի՛նքն է մեծագոյն սէրը, գիրքը ունի Աստուածաշունչէն քաղուած սիրոյ ճշմարիտ պատգամներ:

Յայտնենք, որ եկեղեցական արարողութենէն ետք խումբ մը երիտասարդ միաբաններ վերոյիշեալ գիրքը ցրուեցին Անթիլիասի ու Պուրճ Համուտի մէջ` զոյգ շրջաններու քաղաքապետարաններուն առաջնորդութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.